
Կ․Պոլսոյ Մէջ Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ, Ցուցահանդէս եւ Գիրքի Շնորհանդէս Պիտի Կազմակերպուին
Հոկտեմբեր 7-ին, Կ․Պոլսոյ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ պիտի կազմակերպուի համերգ՝ Կոմիտասի 150-ամեակին առիթով։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական Kulturservisi.com լրատուամիջոցը։
Համերգին կազմակերպիչներն են «Անատոլու Քիւլթիւր» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Քալան Միւզիք» ընկերութիւնը եւ «Մաքսիմ Գորկի» անունը կրող թատրոնը։
«Լուսաշող արեւածագի ձայնը․ Կոմիտասի 150-ամեակը» խորագիրը կրող սոյն ձեռնարկին մասին հրապարակումով հանդէս եկած թրքական լրատուամիջոցը համառօտ կերպով կ՝անդրադառնայ նաեւ Կոմիտասի կեանքին՝ չմոռնալով ընդգծել, որ Կոմիտասը եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսը։
Համերգէն առաջ տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը, որուն կազմակերպիչն է «Բիրզամանլար» հրատարակչութիւնը։ Նոյն ձեռնարկին ծիրէն ներս պիտի կայանայ նաեւ «Խենթութեան հնագիտութիւնը՝ Կոմիտաս․ հայ սուրբի մը դիմանկարը» գիրքին շնորհանդէսը։