Նիւ Եորքի Մէջ Պիտի Բացուի Արա Կիւլերի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսահայ անուանի լուսանկարիչ, լրագրող Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի բացուի Նիւ Եորքի մէջ:

Ըստ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Կիւլերի լուսանկարներուն այն շարքը, ուր պատկերուած է 1950-ական թուականներու Պոլիսը:

Յայտնի է, որ Նիւ Եորքէն ետք ցուցահանդէսին յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Հռոմը:

Թուրքիոյ նախագահականի նախաձեռնութեամբ, Արա Կիւլերի թանգարանի, արխիւի եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի համագործակցութեան ծիրէն ներս արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին աշխարհի կարեւոր քաղաքներու մէջ: Լոնտոնէն, Փարիզէն եւ Քիոթոյէն ետք չորրորդ կանգառը Նիւ Եորքն է: