ՀՀ Նախագահը Անկախութեան Տօնին Առիթով Պարգեւատրած է Ոստիկանութեան Խումբ Մը Զինծառայողներ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Անկախութեան տօնին առիթով ոստիկանութեան խումբ մը ծառայողներ պարգեւատրելու մասին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասին.

Անկախութեան տօնին առիթով, ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած նուիրումին, օրինականութեան եւ հասարակական կարգի պահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդին համար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան խումբ մը ծառայողներ պարգեւատրուած են՝ Մարտական ծառայութեան, «Հասարակական կարգի գերազանց պահպանման համար», Երախտագիտութեան մետալներով։