
Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուած է Ռազմական Սարքերու եւ Սպառազինութեան Ցուցահանդէս
Այսօր` Սեպտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած է ռազմական սարքերու եւ սպառազինութեան ցուցահանդէս:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ցուցահանդէսին Նախագահ Բակօ Սահակեանը պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ շրջած է տաղաւարները ու ծանօթացած ներկայացուած արտադրանքին եւ սեփական արտադրութեան նոր զէնքերու նմուշներուն:
ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար Կարէն Աբրահամեան ըսած է, որ ցուցադրութեան նպատակն է հանրութեան ներկայացնել զինուած ուժերուն մէջ առկայ նոր նմուշները եւ խթանել տեղական արտադրանքը:
«Սեփական արտադրութեան նոր զինանմուշները պիտի յագեցնեն առաջնագիծը եւ պիտի բարձրացնեն զօրքի կենսունակութիւնը: Սպառազինութեան որոշ տեսակներ արդէն փորձարկուած են, որոշներն ալ դեռ փորձարկման մէջ են: Մեր սպաներն ու զինուորները գոհ են այն տեսակներէն, որոնք գործնականօրէն կը կիրառուին: Վստահ ենք, որ յառաջիկային մեր բանակը պիտի համալրուի արդիականացուած սպառազինութեամբ եւ նոր զէնքերով»,- մանրամասնած է Աբրահամեան:
Վերածնունդի հրապարակին վրայ բացուած է նաեւ դաշտային խոհանոց` համերկրացիներուն եւ հիւրերուն հնարաւորութիւն տալով համտեսելու զինուորական ճաշ: