
ՀՀ ԶՈՒ ՀՕՊ Ստորաբաժանումը «Մարտական Ընկերակցութիւն-2019» Զօրավարժութեան Պիտի Մասնակցի
ՀՀ զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու ստորաբաժանումը մեկնաց է Ռուսիոյ Դաշնութիւն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հայ զինծառայողները պիտի մասնակցին ԱՊՀ անդամ պետութիւններու ՀՕՊ միաւորուած համակարգի զօրքերու համատեղ ձեռնարկներու 2019-ի ծրագիրին համաձայն իրականացուող մարտական հրաձգութեամբ «Մարտական ընկերակցութիւն-2019» համատեղ զօրավարժութեան: