Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) Բազմադէմ եւ Պղտոր Յարաբերութիւնները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Հայաստան եւ սփիւռք յարաբերութիւններ ունեցած են խորհրդային շրջանին եւ ունին այսօր, միշտ հայաստանասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ հայասիրութեան կարգախօսներով: Այդ յարաբերութիւնները բնական եղած անցեալին, երբ հայութիւնը կ’ապրէր ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններու մէջ: Մէկ եւ տէր ըլլալու զգացումը աւելի հզօր եղած է քան խորհրդային շրջանին եւ նոյնիսկ այսօր: Թէեւ նշուած սէրերը երբեք նոյն ձեւով չեն հասկցուած եւ նոյն նպատակները չեն հետապնդած, սահմաններու այս կամ այն կողմը: Խորհրդային շրջանին եւ մասամբ ալ այսօր, անոնք մնացած են զգացական մթնոլորտի մէջ, ձեւաւորուած են գեղեցիկ խօսքով, կամ շահագործուած են տարբեր նպատակներու համար: Այսինքն անոնք նոյն իմաստը չեն ունեցած հայ պետութեան, հայ անհատներուն եւ հայ հաւաքականութիւններուն համար:

Վերանկախացումէն ետք, Խորհրդաժողովներ եւ երկու ուղղութիւններով այցելութիւններ եւ տեսակցութիւններ միշտ եղած են, բայց ազգային իրաւ մէկութեան գաղափարական վերաբերում չէ եղած:
Խորհրդաժողովներէ ետք, տօնակատարութիւններու առիթով, գեղեցիկ բանաձեւումներով խօսուած է մէկութեան մասին, բայց ոչ մէկ տեղ չէ արձանագրուած մէկութեան կենսագործման համար պարտքի, իրաւունքի եւ մասնակցութեան կանոնը: Հետեւաբար, կարգ մը տարազներ, ինչպէս լաւ հնչող Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութիւնը, քաղաքական տարտամութիւն են, ըստ կացութեան, անհատի, միութեան կամ պետութեան առաջադրանքներուն կարելի է մեկնաբանութիւններ ընել: Ո՞վ կրնայ, թէ յստակ ըսել թէ ի՞նչ կայ այդ հնչեղ Եռամիասնութեան մէջ, բացի զգացականէ եւ քիչ մըն ալ՝ բարեսիրականէ:

Յուզիչ Եռամիասնութեան բովանդակութիւն պէտք է տալ, որպէսզի ան դառնայ իսկական հզօրութիւն (բառ՝ զոր շատ կը սիրենք կրկնել): Միաժամանակ պէտք է հաստատել պարտքի եւ իրաւունք-մասնակցութեան կանոնը, էապէս տարբեր արձակուրդային հետաքրքրութիւններէ:

Հայուն պարտքը ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ հայրենատիրութիւնն է: Իսկ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ հայրենատիրութիւնը: Հայաստանեան անցագիր ունենանք թէ ոչ, տէր ըլլալու համար պարտքի
գիտակցութեամբ պէտք է գործել, գործած ըլլայինք: Այս մասին ոչ մէկ ծրագիր ունինք: Հայրենատէր ըլլալու համար քաղաքացիի վերաբերում պէտք է ունենալ: Այդ վերաբերումը առնուազն երեք կէտեր ունի:

ա. Հայը, հայաստանաբնակ թէ ոչ, քաղաքացիի տուրք պարտի վճարել, հայրենիք պահելու համար:

Այս հարցը հարկ էր քննել խորհրդաժողովներու ընթացքին: Այս տուրքը բարեսիրական Հիմնադրամի նուիրատուական մասնակցութիւն չէ: Ինչպէս որ տուրք կը վճարենք մեր բնակած երկիրներուն մէջ, այդպէս ալ, տարեկան գնահատումով եւ դրութեամբ, տուրք պէտք է վճարել Հայաստանի պետութեան: Ինչպէ՞ս: Այս մասին պէտք է խօսիլ եւ ճշդել, ապա իւրաքանչիւր հայու դիմել, զայն արձանագրել ցանկի վրայ, միաժամանակ, այդ տուրքը գանձելու կազմակերպութիւն եւ կառոյց պէտք է յառաջացնել: Հայը, հայաստանաբնակ թէ ոչ, ոչ միայն իր տուրքով իր քաղաքացիական պարտքը պիտի կատարէ, այլ նաեւ իր պարտականութիւնը պիտի համարէ Հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Սփիւռքի հայը, ազգային գիտակցութեամբ, պիտի ծառայէ բանակին: Այդ ծառայութեան եղանակը կը քննուի: Եթէ Սիսիանի կամ Եղէգնաձորի տղան բանակ կ’երթայ, ըլլալով հայ, սփիւռքի տղան եւս, ըլլալով հայ, բնակի Սիտնի թէ Պէվըրլի Հիլզ, գիտակից յանձնառութեամբ բանակ պիտի երթայ: Այդպէս կ’ըլլայ հայրենատիրութիւնը, եթէ չենք եզրակացուցած, որ երկու տեսակ հայեր կան: Այսպէս կը ստեղծուի ցանկալի եւ իրաւ միութիւնը: Այս ծառայութիւնը ոչ թէ որպէս պարտք պէտք է դիմաւորուի, այլ՝ որպէս իրաւունք:

բ. Սփիւռքի հայը սոսկ հանդիսատես պէտք չէ ըլլայ ինչ կը վերաբերի հայրենիքի եւ ազգի ճակատագրի ընթացքին, այդ դերին մէջ պէտք չէ բանտարկել ազգի աւելի քան կէսը: Իր պարտականութիւններուն տէր ըլլալով, ան իրաւունք պէտք է ունենայ իր կարծիքը յայտնելու եւ որոշումներու կայացման մասնակցելու: Այդ մասնակցութիւնը հաճոյակատարական շնորհ չէ, այլ
հաւաքաբար ազգի ճակատագիրը տնօրինելու պարտականութիւն, երբ կը խօսինք մէկութեան եւ միասնութեան մասին: Ասկէ առաջ տուած եմ օրինակը: Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ընտրուած եւ լիիրաւ իրաւունքներով ընտրուած պատգամաւորներ կան, որոնք կը ներկայացնեն երկրէն դուրս ապրող Ֆրանսացիները: Անոնք ջոջական-էսթէպլիշմընթային իրաւունքներու հիման հրաւիրեալներ չեն, ընտրուած են: Այս մասին ոչ ոք կը խօսի Հայաստանի մէջ, ոչ ոք կը խօսի սփիւռք(ներ)ի մէջ: Կարծէք ազգի միացման հեռանկարէ հրաժարած ենք, կամ զայն բանտարկած տօնական խօսքերու մէջ:
Եւ ի հարկէ, ազգի աւազանին մէջ մնալու համար, յանձնառութեան եւ մասնակցութեան կողքին, սփիւռք(ներ)ի ինքնութեան եւ հարազատութեան հարցը կը դառնայ պետական օրակարգ, որովհետեւ ազգը ազգ է իր ինքնութեամբ, այդ ինքնութիւնը կը ստացուի պատմութենէն, լեզուով եւ մշակոյթով: Ի հարկէ, շատ բան ըսուած եւ գրուած է լեզուի կորուստով ինքնութեան կորուստի մասին, թէեւ կը շարունակենք ինքնախաբէութիւն մշակել բացառութիւններու օրինակներով:

Երբ կանոնակարգուին իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները, յարաբերութիւնները կ’ունենան նոր որակ: Սփիւռքի էսթէպլիշմընթը չ’ըլլար խօսակիցը, Հայաստանի արտասահման այցելող մեծերը չեն գոհանար հիւրընկալի դեր ունեցող երեւելիներով, Սփիւռքը անոնց պատկերով չեն տեսներ եւ սխալ դատումներ չեն ըներ:

Այս աշխատանքը կը կազմակերպուի, ընելու համար այնպէս, որ Սփիւռք(ներ)ի միլիոնաւոր հայերը, գէթ անոնց որոշ տոկոսը կը դառնայ հայրենատէր եւ մասնակից:

Ի հարկէ, այս պարտքի եւ իրաւունքի կենսագործումով, սփիւռք(ներ)ը, յանձնառութեան ճամբով, ինքնութիւն կը պահէ, կը կանխուի օտարումը (aliénation):

Այսօր, Սփիւռք(ներ)ը հայասէրի վիճակին մէջ է, եւ հակառակ ամէն կարգի ճոռոմաբանութիւններու, բախտաւոր պարագային կը համարուի կառքին հինգերորդ անիւը (որմէ միշտ կարելի է հրաժարիլ), կամ անոր պէս բան մը:

Առանց պարտքի, իրաւունքի եւ մասնակցութեան, Միասնութեան ճառերը ամբոխ յուզելու կը ծառայեն, ծագումով հայերու տուրիզմին: Իսկ մենք պարտաւոր ենք գործել իրաւ հզօրութիւն ստեղծելու համար, որ խորհրդաժողովներէն, շրջապտոյտներէն եւ տուրիզմներէն խորապէս տարբեր որակ կը պահանջէ: Որակ՝ այսօր, նաեւ գալիքի համար, մտածելով 2119 թուականի ազգի եւ հայրենիքի մասին:

2119-ի մասին մտածել բառերու մարզանք չէ, ան ազգի լինելութեան պարզ-բարդ խնդիրն է, սերունդներու ինքնութեան, պատմութիւն ապրած եւ ինքնութիւն մշակած ժողովուրդի մը գոյութենական
մղձաւանջային հարցականը, որուն պատասխանը այսօ՛ր կը փնտռուի:

Այս հարցականին պատասխանը, անցեալ եւ ինքնութիւն ունեցող մեր ժողովուրդին սպառնացող անհետացման սպառնալիքին դիմաց, ներկայ պայմաններուն մէջ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ: Մարդկային իրաւունքի եւ արժանապատուութեան (յարգելիութեան) խնդիր է ընդունիլ ըլլալ անորոշ նորի ակամայ սկիզբ, փոխանակ ըլլալու ժառանգուած ինքնութեամբ շարունակութիւն:

Այդ շարունակութիւնը Հայրենիքով կ’երաշխաւորուի, որ կը կենսագործուի հայրենատիրութեամբ:

Այս ըմբռնումով ալ, Հայաստանէն տեղի ուեցած եւ տեղի ունեցող արտագաղթը ազգային աղէտ է, աղէտ է հայրենադարձութեան բացակայութիւնը: Զոյգ պարագաներուն ալ, մեր  հաւաքականութիւնները պիտի մտնեն նորի սկիզբի հունը, որ ոչ մէկ ձեւով նախկինի շարունակութիւնը պիտի ըլլայ, որքան որ պահ մը լաւ հնչեն մարդորսական ճապկումները:

Այս ըմբռնումով պէտք է վերատեսութեան ենթարկել եւ յստակացնել Հայաստան-Սփիւռք(ներ) յարաբերութիւնները, իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները:

Անմիջականի ճնշումը եւ տուրիստական երթալ-գալու իրարանցումը կը խցեն հեռանկար տեսնելու եւ ունենալու ճանապարհները: