
Համահայկական Հիմք Եւ Աւանդ
«Հայրենիք»-ի խմբագրական
«Հայաստան–Արցախ–Սփիւռք եռամիասնութիւնը ընդունած ենք իբրեւ մտածելակերպ, կենսակերպ: Այդ եռամիասնութեան շնորհիւ թեւակոխած ենք կայուն փուլ: …Մեր ընտրած ուղին անշրջելի է»:
Բակօ Սահակեան
Արցախի նախագահ
Համահայկական խաղերը լոկ պարզ մրցումներ չեն, ուր աշխարհի չորս ծագերէն եկած հայորդիներ, հայրենիքի իրենց քոյր-եղբայրներուն հետ, իրարու դէմ կը մրցին գերազանցելու, յաղթական դուրս գալու եւ ի վերջոյ մետալի կամ բաժակի մը տիրանալու:
Այս բոլորը զանազան ու զարմանազան, անհատական թէ խմբային մարզաձեւերու կիրարկումն է, գնդակը կողովին մէջ կամ դարպասէն ներս զետեղելու, ժամանման գիծ առաջին հասնելու եւայլն:
Այսպէս տարբեր իմաստ ունին համահայկական խաղերը, վերոյիշեալ կիրարկուող մարզաձեւէրէն բոլորովին տարբեր բացատրութամբ եւ հասկացողութեամբ: Համահայկական գիտակցութիւնը, զգացումն ու պատկանելիութիւնն է այդ խաղերուն օրէնքը: Եւ այդ ակնոցով դիտուած պարտեալ ու պարտուող գոյութիւն չունի: Համահայկականն է յաղթողն ու յաղթականը:
Դեռ աւելի շեշտելու համար այս մթնոլորտը, հայորդիին համար պարզ ու յստակ էր, թէ Արցախի մէջ կատարելով բացման հանդիսութիւնը, որքան տպաւորիչ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Համահայկականի այս ջահը վառած էրխորհրդանշական երեք վայրերու մէջ.- Կիլիկեան Հայաստան` Մուսա Լերան ստորոտին, Արարատեան դաշտ` Խոր Վիրապի մէջ, եւ Արցախ՝ Տիգրանակերտի մէջ: Այս բոցավառ ջահերու երրորդութեան պատգամը ամրօրէն կը շաղկապէ ՙ ՛՛համահայկական՛՛ հասկացողութիւնը:
Ստեփանակերտի բեմահարթակէն կատարուած յայտարարութիւնները, իրենց կարգին, քաղաքական խոր ու սրընթաց «վազք» մըն էին, որ բնականաբար անհանգստացուց Ատրպէյճանը: Սովորական շինծու եւ խեղաթիւրիչ փաստարկներով, Պաքու հակազդեց, թէ համահայկական խաղերուն ազդանշանը տրուած էր ատրպէյճանական պատմական տարածքէն, յերիւրածոյ կերպով հաստատելով, որ Արցախը Ատրպէյճանի մէկ անբաժանելի մասն է:
Այդ խոր ու իմաստալից հանդիսութիւններէն ետք, դաշտերուն վրայ կատարուած վազքերն ու գնդակներու փոխանցումները, ուրախութեան թէ հիասթափութեան ճչոցները երկրորդական իմաստաւորում կը ստանան, իրենց հետեւող ու եզրակացնող արդիւնքներուն նման:
Տեղին է կրկնել ու ընդմիշտ ընդգծել, թէ համահայկական խաղերուն պարտութիւն չեղաւ եւ պիտի չըլլայ: Հայորդին է յաղթականը…իսկ յաղթանդամ համահայկականն ալ՝ անպարտելին: