
Ուխտի Օր Սուրբ Աստուածածին Վանքի եւ Տօն Վերափոխման Սուրբ Աստուածածնի
Շաբաթ, 17 Օգոստոս 2019
– Առաւօտեան Ժամերգութիւն՝ առաւօտեան ժամը 7։00-ին։
– Երեկոյեան Ժամերգութիւն՝ երեկոյեան ժամը 5։00-ին։
– Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ երեկոյեան ժամը 8։00-ին։
Պիտի պատարագէ՝
Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը։
Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ Հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն։
ԾԱՆՕԹ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 6:45-ին հետեւեալ վայրերէն՝
– Անթիլիասի Մայրավանք
– Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ճիւնի)
– Ս. Յակոբ եկեղեցի
– Ս. Աստուածածին եկեղեցի
– Ս. Վարդանանց եկեղեցի
– Ս. Գէորգ եկեղեցի
– Ս. Ագնէս վարժարան
– Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց
– Տպարան Տօնիկեան
…
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ՝
Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան
Յաւարտ Ս. Պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն։
…
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019
ՄԵՌԵԼՈՑ
Սուրբ Աստուածածնի Վանքի համանուն մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ մեր ազգի բոլոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար։