Արցախի Մէջ Մանսուրեանական Օրեր Պիտի Կազմակերպուին
Այս տարի լրացած է հայ երաժշտահան, ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստ, ՀԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը:
Մայթրոյի յոբելեանին կապակցութեամբ՝ Սեպտեմբեր 1-13՝ պիտի կազմակերպուին մանսուրեանական օրեր: Համերգաշարը պիտի սկսի Արցախի մէջ եւ աւարտի Գիւմրիի մէջ:
Ըստ «Ապառաժ»-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան հանդիպած է Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Վիրաբեանի հետ եւ քննարկած Արցախի մէջ մանսուրեանական օրերու կազմակերպչական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշած է, որ նման ձեռնարկները մշակութային դաշտ բանալու լաւագոյն ճանապարհն ու մեր միասնականութեան դրսեւորման առհաւատչեան են:
«Ասիկա մեծ նախագիծ է եւ պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: Մեր համագործակցութեան շնորհիւ մենք պիտի հասնինք Արցախի մշակոյթի հանրահռչակման ու զարգացման»,- նշած է նախարարը:
Տիգրան Վիրաբեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ երեւանցիներու եւ մայսթրոյի սէրը Արցախի հանդէպ անչափելի է, որուն համար ալ որոշած են մանսուրեանական համերգաշարով հանդէս գալ Արցախի մէջ:
Փոխքաղաքապետին խօսքով՝ համերգաշարը պիտի կազմակերպուի Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ եւ ԱՀ ԿԳՍ նախարարութիւններուն աջակցութեամբ:
Ըստ անոր՝ համերգաշարի նախապատրաստական աշխատանքները կատարուած են եւ ան համոզուած է, որ պիտի կարենան լաւագոյնս ներկայացնել մեծ երաժշտահանն ու անոր մեծութեան առաջ խոնարհումով պիտի ցուցադրեն մեր հոգիի պարտքը:
Օգոստոս 31-ին, Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատին մէջ, պիտի հնչեն Աւ. Իսահակեանի եւ Եղ. Չարենցի ստեղծագործութեան երաժշտական կատարումները՝ պետական կամերային երգչախումբին մասնակցութեամբ:
Փոխքաղաքապետը ըսած է, որ երկօրեայ մշակութային օրերուն նախատեսած են զօրամասին մէջ կազմակերպել Վազգէն Սարգսեանի 60-ամեակին նուիրուած յոբելինական երեկոյ:
«Աւ. Իսահակեանի եւ Եղ. Չարենցի շարքը Արցախի հանդիսատեսին ներկայացնելը Մայսթրոյի ցանկութիւնն էր: Համերգաշարին ընթացքին պիտի հնչէ բոլոր ժամանակներու սիրուած երաժշտութիւն:
Մենք ծրագրած ենք 2020-ի գարնան, Երեւանի մէջ, կազմակերպել Արցախի մշակոյթային օրեր: Երեւանը պատրաստակամ է հիւրընկալելու արցախցիները եւ անոնց տրամադրելու քաղաքապետարանի լիազօրութեան տիրոյթին մէջ գտնուող բոլոր միջոցները՝ Արցախի մշակութային օրերը Երեւանի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար»,- ըսած է Տիգրան Վիրաբեան:
Անոր խօսքով՝ այդ օրերուն Արցախ պիտի ժամանէ Երեւանի պատուիրակութիւնը՝ քաղաքապետարանի աշխատակազմով ու խմբակցութեան անդամներով:
Փոխքաղաքապետը աւելցուցած է, որ փոխադարձ այցելութիւնները պէտք է պարբերական բնոյթ ունենան՝ ոչ թէ իրադարձութիւն ստեղծելու, այլեւ՝ բնականոն համագործակցութեան մաս հանդիսանալու նպատակով:
