Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Յայտարարէ Զինեալ Խմբաւորումներուն Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Վերսկսումը
ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2019-ին սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ զինադադար հաստատելու որոշումը չյարգեցին։ Անոնք յարձակում գործեցին շրջանի յարակից խաղաղ վայրերուն վրայ։
Հրամանատարութիւնը աւելցուցած է, որ այս իսկ պատճառով սուրիական բանակը ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ զինուորական իր գործողութիւնները պիտի վերսկսի։
