Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի Օդակայանին Մէջ Դիմաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 5-ին, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու ծիրէն ներս Արցախ ժամանած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Օգոստոս 5-ին ծրագրուած է ՀՀ վարչապետի ելոյթը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: