Արցախի ԱԳ Նախարար Մասիս Մայիլեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռայտ Քաղաքի Քաղաքապետ Ժերոմ Լակսալի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աւստրալիա գտնուող Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Օգոստոս 2-ին, հանդիպում ունեցած է Ռայտի քաղաքապետ Ժերոմ Լակսալի հետ:

Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատած է Արցախի պատուիրակութեան` Աւստրալիա աշխատանքային այցելութեան նախօրէին Ռայտի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բանաձեւի միաձայն ընդունումը: Արտաքին գործոց նախարարին գնահատումով, նման բանաձեւի ընդունումը հերթական վկայութիւնն է Արցախի ժողովուրդի ազատ եւ խաղաղ զարգացման ձգտման աջակցելու հարցով Ռայտի քաղաքային իշխանութիւններուն սկզբունքային դիրքորոշման, ինչ որ արտայայտուած է տակաւին 22 Մայիս 2018-ին Արցախի ժողովուրդի ազատագրական շարժման 30-ամեակի առիթով բանաձեւ ընդունելու միջոցով:

Անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային կապերուն` Մասիս Մայիլեան նշած է, որ Արցախի եւ օտարերկրեայ քաղաքներու  միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան հաստատումն ու զարգացումը Արցախի իշխանութիւններու առաջնահերթութիւններէն է, ինչ որ թոյլ կու տայ Արցախի համայնքներուն ու շրջաններուն ներգրաւուած ըլլալ միջազգային հոլովոյթներուն` ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման, տարբեր ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակման ու մարդու իրաւունքներու խթանման նպատակով:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ ապակեդրոնացած համագործակցութեան զարգացումը կարեւոր կը նկատուի նաեւ Արցախը մեկուսացնելու, անոր բնակիչները միջազգային համագործակցութեան առաւելութենէն զրկելու` Ազրպէյճանի չդադրող փորձերու խորապատկերին վրայ:

Իր կարգին, Ռայտի քաղաքապետ Ժերոմ Լակսալ վերահաստատած է Ռայտի իշխանութիւններուն հաւատարմութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան ու ժողովրդավարական հասարակութիւն կառուցելու ձգտման աջակցելու հարցին:

Հանդիպումի ընթացքին Մասիս Մայիլեան Ժերոմ Լակսալին յանձնած է Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի շնորհակալագիրը, որուն մէջ քաղաքապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է բանաձեւի ընդունման համար եւ հրաւիրած Ժերոմ Լակսալը` այցելելու Ստեփանակերտ:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Ռայտի քաղաքային խորհուրդի անդամ Սարգիս Ետելեանը, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանը եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեանը:

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ելոյթով Հանդէս Եկած Է Աւստրալիոյ Հայ Համայնքին Հետ Հանդիպումին

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը ելոյթով հանդէս եկած է Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ հանդիպումին, 3 օգոստոսին Աւստրալիա աշխատանքային այցելութեան վերջին օրը, երբ նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հասած էր Մելպուրն: Պատուիրակութեան անդամները այցելած են Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցի, հանդիպած եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչեր քհնյ. Յարութիւնեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելած է Մելպուրնի հայկական Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ագինեան դպրոցներ:

Նոյն օրը Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է արցախցի պաշտօնեաներու հանդիպում Մելպուրնի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ձեռնարկին ցուցադրուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հեղինակած` «Արցախ պատմութիւն եւ հակամարտութիւն» խորագիրը կրող տեսանիւթը:

Հանդիպումին ունեցած իրենց ելոյթներուն Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձած են Արցախի արտաքին, անվտանգային, ներդրումային եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն:

Բանախօսները շնորհակալութիւն յայտնած են Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ բոլոր աջակիցներուն` արդիւնաւէտ եւ յաջողած այցելութեան կազմակերպման համար: