Հայ Մամուլին Նուիրուած Գիտաժողով՝ Նիւ Եորքի Մէջ

Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2019-ն «Մամուլի Տարի» հռչակուելու, «Հայրենիք» շաբաթաթերթի 120-ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի 85-ամեակի առիթներով, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանն ու «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կազմակերպած են Հայ Մամուլին նուիրուած միօրեայ Գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ սրահէն ներս:

Արդէն իսկ կատարուած են պատշաճ դասաւորումները, կազմակերպելու համար այս միօրեայ գիտաժողովը։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ։