
«Եռաբլուր»-ի Մէջ Պղծած Են Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուածներու Շիրմաքարերը
«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ՝ անյայտ անձեր պղծած են Ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինծառայողներուն շիրմաքարերը. յատուկ նիւթով մը շիրմաքարերու նկարներուն վրայ եւ անոնց շուրջը բիծեր եղած են:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Facebook-ի վրայ այս մասին գրառում կատարած է եւ տեսանիւթ հրապարակած Ապրիլեան պատերազմի մասնակից Ռազմիկ Գասպարեանը:
ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատւութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ այս պահուն կ՝ուսումնասիրուի տեսանիւթը:
ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, իր հերթին նշած է, որ դէպքը իրենց ուշադրութեան կեդրոնին է եւ իրենք նոյնպէս աշխատանքներ կը տանին պարզելու համար դէպքին հանգամանքները:
Հասարակական ցանցերու վրայ տեսանիւթը virus կը տարածէ: Օգտատէրերը կը պահանջեն յայտնաբերել իրականացնողներն ու խստագոյնս պատժել զանոնք:
ացնողներին և պատժել խստագույնս: