Ամերիկեան Կառավարութիւնը Մտադիր Է Դադրեցնել Արցախին Տրամադրուող Ելեւմտական Աջակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մտահոգիչ հաղորդագրութիւններ ստացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութիւնը, որուն տրամադրումը նախապէս հաստատուած էր Քոնկրեսին կողմէ:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու 2020 թուականի ելեւմտական տարուան մէջ օտար երկիրներուն տրամադրուող ելեւմտական աջակցութեան ծիրին մէջ հաստատուած էր US Aid-ի կողմէ Արցախին տրամադրուելիք աջակցութիւնը:

Աջակցութեան վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներու` օտար երկիրներուն տրամադրուող ելեւմտական աջակցութեան ծիրին մէջ ներառուած էր 1998-ի ելեւմտական տարուան մէջ` Քալիֆորնիա նահանգէն դեմոկրատական քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի ջանքերով, իսկ յաջորդ ելեւմտական տարուան մէջ ատոր ներառումը ապահոված էր դեմոկրատական քոնկրեսական Թի Քոքս:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ձեռնարկած է արշաւի մը, որուն ծիրին մէջ ամերիկաբնակ հայերէն կը խնդրէ հեռաձայնով աջակցիլ երկու քոնկրեսականներու` US Aid-ին ուղղուած նամակին, որ աջակցութեան ծրագիրը շարունակելու կոչ կը պարունակէ:

Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Սարգսեան իր կարգին յայտնած է, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կը նախատեսէ կրճատել Արցախին տրամադրուող օգնութիւնը, որուն նպատակն է ականապատուած տարածքներու ականազերծումը:

«Ասիկա US Aid-ի կողմէ ֆինանսաւորուող ծրագիր է, որուն դադրեցումը իր մէջ լուրջ քաղաքական պատգամ կը պարունակէ: Կոչ կ՛ուղղեմ ամերիկաբնակ ընկերներուս միանալու Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպած արշաւին: Դարձեալ կ՛ըսեմ, ասիկա լրջագոյն քաղաքական հետեւանքներ պիտի ունենայ: Ասիկա պիտի դառնայ քաղաքական եւ իրաւական նախադէպ, որուն հետեւանքներուն բոլորս կը գիտակցինք:

«Յ. Գ. Միացեալ Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութենէն ետք, աշխարհի միակ պետութիւնն են, որ չճանչնալով հանդերձ Արցախի անկախութիւնը, ուղղակի ելեւմտական աջակցութիւն կը տրամադրէ Ստեփանակերտին», գրած է Սուրէն Սարգսեան: