Թշնամիի Կրակոցէն Նահատակուեցաւ Պայմանագրային Զինուոր Արման Բուլղադարեան

Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ կը գրէ հետեւեալը. «Ցաւալի լուր: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ թշնամիին կրակոցէն զոհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու պայմանագրային զինուոր, 1995-ի ծնունդ Արման Բուլղադարեան: Կը ցաւակցինք Արմանի հարազատներուն»։

Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յայտարարութիւն մը տարածեց՝ խստօրէն դատապարտելով ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ հրադադարի խախտումը:

Ստորեւ սոյն յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ.

«Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Յուլիս 27-ին եւ 28-ին ՀՀ պետական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատոուածին մէջ դիպուկահարներու կողմէ իրականացուած սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է ՀՀ Զինուած ուժերու զինծառայող Արման  Բուլղադարեանը եւ վիրաւորուած է եւս երկու զինծառայող:

Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի միտումնաւոր եւ սադրիչ խախտումները կը հակասեն հրադադարի պահպանման եւ ամրապնդման վերաբերեալ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնք վերջին շրջանին արձանագրուած են նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով այս տարուան Մարտ 29-ին տեղի ունեցած Վիեննայի գագաթնաժողովի ընթացքին: Ատոնք կ՛անտեսեն նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու Յունիս 20-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու  ընդունած յայտարարութիւնը, որ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէր խստօրէն պահպանել հրադադարը յարգելու յանձնառութիւնը եւ ձեռնպահ մնալ շփման գիծին եւ պետական սահմանին վրայ դիպուկահարներու օգտագործմամբ սադրիչ գործողութիւններէն:

Խստօրէն կը դատապարտենք մարդկային զոհերու յանգեցնող այս սադրանքները, որոնք կ՛ուղեկցուին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի դէմ ուղղուած վստահութեան եւ անվտանգութեան միջոցառումներու իրականացման մերժումով: Այս գործողութիւնները կը ստեղծեն լարուածութեան աճի վտանգ, որուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ ատրպէյճանական կողմին վրայ»:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրաւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ նշելով, որ քանի դեռ «ատրպէյճանական հողերը ազատագրուած չեն», նման միջադէպերու հաւանականութիւնը բար-ձր է: Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլլաեւա,  նշեց, որ այդ հարցով այլ մեղաւորներ փնտռելը ոչ այլ ինչ է, քան ինքնախաբէութիւն:

«Այնքան ատեն, որ Հայաստանի զինուած ուժերը ներկայ են Ատրպէյճանի՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներուն վրայ, ցաւօք, նման միջադէպերու հաւանականութիւնը շատ բարձր է: Նման դէպքերը կանխելու միակ ճանապարհը՝ ապահովելն է Հայաստանի զինուած ուժերու դուրսբերումը Ատրպէյճանի տարածքներէն», ըսաւ Ապտուլլաեւա: