Հայկական Անուշն ու Հիւթերը՝ Շիքակոյի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայկական արտադրութեան պահածոները 10 օրէն աւելի է, որ վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյս նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»-ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, պատմած է Շիքակոյի մէջ «Պիզնես Արմէնիա»-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ, Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի խորհրդական Պարոյր Սարգսեան, որ մեծապէս նպաստած է այդ աշխատանքի կազմակերպման:

«Բացի մշակութային կապերու հաստատումէն՝ հիւպատոսութեան եւ «Պիզնես Արմէնիա»-ի նպատակներէն մէկն է նաեւ տնտեսական կապերու խորացումը եւ հայկական ապրանքներու ներմուծումը Շիքակօ: Մենք բաւական հանդիպումներ, բանակցութիւններ ունեցած ենք ԱՄՆ-ի Իլինոյս նահանգի մեծ ընկերութիւններու հետ: Եւ քանի մը խանութներու ցանց ունեցող «Ֆրեշ Ֆարմս» ընկերութեան հետ համաձայնեցանք, որ հայկական արտադրանքը ներկայացնենք»,- ըսած է Սարգսեան եւ նշած, որ հայկական արտադրանքը առաջին անգամ է կը ներմուծուի ու վաճառքի կը դրուի Իլինոյս նահանգին մէջ, ան ալ նման մեծ խանութի մէջ:

Ան նշած է, թէ Շիքակոյի մէջ որոշ չափով տեղեակ էին հայկական արտադրութեան, քանի որ Իլինոյս նահանգի այդ հատուածին վրայ կ՝ապրին նաեւ Արեւելեան Եւրոպայէն գաղթականներ՝  լեհեր, պուլկարացիներ, որոնք ծանօթ են Հայաստանին, արտադրութեան: Վերլուծելով առաջին օրերուն վաճառքը՝ Սարգսեան նկատած է, որ տասնօրեայ շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ հետաքրքրութիւն կայ, կը գնեն՝ սակայն ոչ շատ մեծ քանակով: «Պահածոները գրեթէ վաճառուած են, անուշները կը վաճառուին աստիճանաբար՝ կապուած եղանակի հետ»,- նշած է ան:

Ամերիկեան մէկ նահանգի մէջ եւս հայկական արտադրութեան վաճառքի կազմակերպման հարցերուն աջակցած է նաեւ Շիքակոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանը:

Արտադրանքը սկիզբը կը տեղափոխեն Նիւ Եորք, ապա կը հասցնեն Շիքակօ: Հայկական ապրանքները աւելի վաղ ժամանակէն Նիւ Եորքի մէջ ներկայացուած եղած են, սակայն Շիքակոյի մէջ առաջին անգամ են: Սարգսեան նշած է՝ «Պիզնես Արմէնիա»-ի հետ համագործակցութեամբ կը պատրաստուին ընդլայնել ներկայացուածութիւնը, հայկական արտադրանքը վաճառելու համար բանակցութիւններ կը տանուին նաեւ ամերիկեան միւս խոշոր ընկերութիւններուն հետ:

 

Աննա Գրիգորեան