
Զարեհ Սինանեան Հանդիպեցաւ Դաշնակցական Երիտասարդական Կառոյցներու Անդամներու Հետ
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, 25 Յուլիսին հանդիպեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գործող ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։
Դաշնակցական երիտասարդները Սինանեանին ներկայացուցին իրենց կառոյցներուն գործունէութիւնը, կատարուած աշխատանքները, նպատակներն ու հարցերը:
Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն Հայաստանի մէջ Դաշնակցական երիտասարդական միութիւններուն կողմէ կազմակերպուող բակային ճամբարներուն:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի գործառոյթներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Շեշտուեցաւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ աւելի սերտ կապերու հաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան ուղղուած քայլերուն կարեւորութիւնը: