Հանդիպում Համշէնահայ մտաւորական, «Համշէներէնի Քերականութիւն» Գրքի Հեղինակ Հուրիյէ Շահինի Հետ

Հայաստան

Յուլիս 29-ին, ժամը 18։30-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը կը կազմակերպէ հանդիպում Թուրքիայէն Հայաստան ժամանած համշէնահայ մտաւորական, «Համշէներէնի քերականութիւն» եւ այլ գիրքերու հեղինակ Հուրիյէ Շահինի հետ։

Հանդիպման ծիրէն ներս ելոյթ կ’ունենան նաեւ համշէնագէտ, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող, «Ձայն համշենական» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սերգէյ Վարդանեանը եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանը։

Մուտքն ազատ է․

Ամսաթիւ` 2019 թ. Յուլիս 29, ժամը 18:30

Հասցէ`ՀՅԴ Արամ Մանուկեանի անուան երիտասարդական կեդրոն, Կիւլպէնկեան 38 (HSBC բանկի հարեւանութեամբ), 5-րդ յարկ