Մեծանուն Աշուղ Ջիվանիի եւ Բանաստեղծ Վահան Տէրեանի Ծննդավայրերուն Մէջ Կրկին Տօն Էր

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 20-ին կրկին բազմամարդ էր Ջաւախքի Կարծախ գիւղը: Վրաստանի Ախալքալաքի շրջանի իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ՝ ի դէմս քաղաքապետ Եուրա Ունանեանի եւ շրջանային ժողովի նախագահ Նայիրի Իրիցեանի, արդէն 32-րդ անգամ տօնուեցաւ անզուգական Ջիվանիին նուիրուած տօնը: Մեծաթիւ հիւրեր Վրաստանէն եւ Հայաստանէն հերթական անգամ հաղորդակից եղան մեծն Ջիվանիի քաղցրաձայն ստեղծագործութեան: Բանախօսները արժեւորեցին Ջիվանին իբրեւ բացառիկ աշուղ, բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ:

Յուլիս 21-ին՝ 52-րդ անգամ նշուեցաւ Տէրեանական պոէզիայի տօնը բանաստեղծի հայրենի Գանձա գիւղին մէջ: Տօնակատարութիւնը​ կազմակերպած​ էր Վրաստանի Նինոծմինդայի շրջանի ղեկավարութիւնը՝ ի դէմս քաղաքապետ Անիվարդ Մոսոյեանի եւ շրջանային ժողովի նախագահ Սմբատ Կիւրեղեանի: Հնչած ելոյթներուն մէջ Վահան Տէրեանը արժեւորուեցաւ ոչ միայն իբրեւ մեծանուն բանաստեղծ, այլ նաեւ իբրեւ պետական եւ ազգային յայտնի գործիչ, որ ջանքեր չէ խնայած հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար:

Ջիւանիական եւ Տէրեանական բանաստեղծութեան տօներուն մշտապէս կը մասնակցին Հայաստանի եւ Վրաստանի բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ յայտնի մշակոյթի գործիչներ, որմով տօնը կը վերածուի հայ եւ վրացի ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան իսկական տօնահանդէսի: Տօնակատարութիւններուն գագաթնակէտը դաշտահանդէսն է, ուր կը հնչեն ջիվանիական եւ տէրեանական երգեր ու բանաստեղծութիւններ եւ սրտառուչ խօսքեր անոնց մասին: Այս տօները յիրաւի համաժողովրդական տօնախմբութիւն են Ջաւախքի մէջ, որոնց կը մասնակցին ոչ միայն հազարաւոր ջաւախցիներ, այլ նաեւ բազմաթիւ հիւրեր:

Տօնակատարութեան մասնակիցներուն մէջ էին Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութեան ղեկավար, «Ջաւախք» հայրենակցական-բարեգործական ՀԿ նախագահ, ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանը, ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Փամբուխչեանը, Ալեքսանդր Աւետիսեանը, Մաթեւոս Ասատրեանը, Սերգէյ Մովսիսեանը, Սեդրակ Թեւոնեանը, Հայկ Գէորգեանը, Նարեկ Զէյնալեանը, «Տէրեան» մշակութային կենտրոնի ղեկավար Առուշան Յակոբեանը, ​ ՀՀ կառավարութեան առընթեր տեսչական մարմնի ղեկավար Գեղամ Շախբազեանը, ՀՀ կառավարութեան առընթեր տեսչական մարմնի ղեկավարի տեղակալ, «Ջաւախք» ​ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արտիւշ Գրիգորեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆէսըր, ԵՊՀ հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, ջիւանիագէտ Սամուէլ Մուրատեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ, գրող, հրապարակախօս Յարութիւն Հովնաթանը, գրականագէտ, հրատարակիչ Վահագն Սարգսեանը, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը ​ եւ այլն: ​

Տօնակատարութիւններուն իրենց պատուաւոր մասնակցութիւնը ցուցաբերեցին Սամցխէ-Ջաւախքի նահանգապետ Բեսօ Ամիրանիաշվիլին, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Հենզել Մկոյեանը, Սամուէլ Մանուկեանը եւ Դաւիթ Ճիճինաձեն, «Վրաստան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վան Բայբուրդը, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տէր Մաղաքեայ Վարդապետ Ամիրեանը եւ այլն:

Տօներուն մասնակցելու համար Ջաւախք եկած էին նաեւ քանի մը մշակութային խումբեր եւ անհատ երգիչներ, ինչպէս ՀՀ հանրային ռատիոյի «Սայաթ-Նովա» խումբը, «Կարին» աւանդական երգի եւ պարի խումբը, որոնք իրենց անզուգական կատարումներով բազմապատկեցին տօնական տրամադրութիւնը:

Հայաստանեան պաշտօնական պատուիրակութեան կազմակերպիչը մշտապէս կը հանդիսանայ «Ջաւախք» հայրենակցական բարեգործական ՀԿ-ն՝ ​ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

«Ջաւախք» հայրենակցական բարեգործական ՀԿ-ի լրատուական ծառայութիւն