
ՀՀ-ն Պէտք է Վերագտնէ Արդիւնաբերական Երկրի Իր Երբեմնի Փառքը. Նիկոլ Փաշինեան
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 20-ին, Գիւմրիի մէջ մասնակցած է «Իմ քայլը յանուն Շիրակի մարզի» տնտեսական համաժողովին: Կառավարութեան ղեկավարը նախ շրջայց կատարած է համաժողովին ծիրէն ներս բացուած ցուցահանդէսին մէջ, ծանօթացած տաղաւարներուն մէջ ներկայացուած Շիրակի մարզի ընկերութիւններու արտադրութիւններուն` գիւղամթերք, վերամշակող արդիւնաբերութիւն, կերպասեղէն, կօշիկի արտադրութիւն եւ այլն: Նիկոլ Փաշինեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէն հետաքրքրուած է արտադրութեան կազմակերպման խնդիրներուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն մասին:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ոջունելով համաժողովի մասնակիցները` Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ձեռնարկը յարմար է յայտնի իրադարձութիւններէն մէկ տարի անց խօսելու կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հայեցակարգային մօտեցումներուն մասին: «Ըստ էութեան, այս հայեցակարգային դրոյթները պէտք է անուանեմ տնտեսական յեղափոխութեան հայեցակարգային դրոյթներ, որոնք մենք յառաջիկային պիտի ամբողջացնենք եւ պիտի ներկայացնենք իբրեւ ամբողջական ռազմավարութիւն, թէ ինչպէս կը պատկերացնենք Հայաստանի զարգացումը եւ տնտեսական կառուցուածքը: Այս փուլով արդէն կրցած ենք կարեւոր քայլ ընել, խօսքը Հարկային օրէնսգրքի բարեփոխումներուն մասին է: Տնտեսական քաղաքականութեան մէջ մենք նաեւ կը դիտենք հարկային փոփոխութիւններու քանի մը մակարդակ` փոքր, միջին եւ մեծ գործարարութիւններու նկատմամբ վարուող քաղաքականութիւն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով որ մեծ գործարարութիւնը պիտի ըլլայ կառավարութեան ուշադրութեան առարկան:
Իր խօսքին մէջ, վարչապետը նշած է, թէ, ինչպէս նախորդ 30 տարիներուն ընթացքին արդիւնաբերական տարածքները, ձեռնարկութիւնները վերածուած են առեւտրային տարածքներու, այնպէս ալ յառաջիկայ 30 տարիներուն ընթացքին՝ տօնավաճառները պէտք է վերածուին արտադրական, արդիւնաբերական տարածքներու։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վերագտնէ արդիւնաբերական երկրի իր երբեմնի փառքը: Նորը նման պիտի չըլլայ հին արդիւնաբերութեան, բայց ունինք բաւարար զարգացած ներուժ, ի վիճակի պիտի ըլլանք կրթական բարեփոխումներով այդ ներուժը քայլ առ քայլ հետեւողականօրէն զարգացնելու: Մենք կը հաւատանք, որ ասիկա նաեւ պիտի լուծէ երկրին մէջ առկայ ժողովրդագրական խնդիրը»,- նշած է վարչապետը` աւելցնելով, որ այդ խնդիրը պիտի լուծուի ոչ այնքան հասարակական ծրագրերով, որքան Հայաստանը հզօր արդիւնաբերական երկիր դարձնելու արդիւնաւէտ քաղաքականութեամբ: