Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի Մէջ Ներկայ Եղած է Միջազգային Մարզական Պարերու Մրցոյթ-փառատօնի Եզրափակիչին

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յուլիս 21-ին, Ստեփանակերտի մէջ ներկայ եղած է միջազգային մարզական պարերու մրցոյթ-փառատօնի եզրափակիչին եւ մրցանակներ յանձնած յաղթողներուն:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը նման ձեռնարկներու պարբերական իրականացումը կարեւոր համարած է մեր երկրի մշակութային կեանքին մէջ: