
Թեսաղոնիկէի Արուեստի Նկարներու Աճուրդին Մասնակցեցաւ 25 Հայ Նկարիչ
Կազմակերպութեամբ «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղին եւ համագործակցութեամբ «Μύρο» ցուցահանդէսին, Չորեքշաբթի՝ 15 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8։00-10։00, Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի նկարներու աճուրդ, մասնակցութեամբ 25 յոյն եւ 25 հայ նկարիչներու։ Յայտնենք, որ աճուրդէն գոյացած եկամուտը տրամադրուեցաւ «Άλμα Ζωής» հիմնադրամին, որ կ’օգնէ կուրծքի քաղցկեղով հիւանդ կանանց։
Ըստ «Ազատ օր»-ի՝ սոյն մշակութային ձեռնարկին տեղի ունեցան սրտի խօսքեր, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ հայկական-աւանդական պարերով։ Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Թեսաղոնիկէի միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ եւ յոյն մշակութասէրներ։