Հայաստանը Չի Կրնար Բանակցիլ Սպառնալիքի Տակ․ ԱԳՆ

Հայաստան

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան այսօր՝ Յուլիս 3-ին, ըսած է, որ «այն ենթադրութիւնը, թէ Հայաստանը կրնայ բանակցիլ սպառնալիքի տակ, շատ վտանգաւոր է»:

«Խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորումը առաջնահերթութիւն է մեզի համար, քանի որ մենք չենք հաւատար, որ հնարաւոր է բանակցային գործընթացին մէջ արդիւնաւէտութիւն արձանագրել, եթէ կայ տեղւոյ վրայ իրադրութեան լարում»,-լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Նաղտալեան:

Ան նկատել տուած է, որ Հայաստանը միշտ խօսած է խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ բոլորին համար ընդունելի լուծում գտնելու անհրաժեշտութեան դիրքերէն, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ Հայաստանը խաղաղութեան համար պատրաստ է երթալու միակողմանի զիջումներու, որոնք վտանգի տակ կը դնեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու անվտանգութիւնը»:

ԱԳՆ խօսնակը յիշեցուցած է, որ ուաշինկթընեան հանդիպման ժամանակ հիմնական շեշտադրումը եղած է հանդիպման նախորդած ժամանակաշրջանին սահմանին տեղի ունեցած լարուած իրավիճակը մեղմելուն վրայ եւ վերադարձ այն իրավիճակին, որ հնարաւոր եղած էր ձեւաւորել Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնքով:

 «Այդ պայմանաւորուածութեան մէջ միջադէպերու կանխարգիլման եւ անոնց արձագանգման տարրեր կան եւ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է ամրապնդելու այդ մեքանիզմը եւ հրադադարը»,- նշած է ան։

Աննա Նաղտալեան տեղեկացուցած է, որ վաղը պիտի մեկնարկէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի աշխատանքային այցը Արցախ: