
Գիւմրին ու Կլենտէյլը Պիտի Խորացնեն Համագործակցութիւնը
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան այսօր քննարկած են Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը։
Նախագահ Սարգսեան Արա Նաճարեանին առաջարկած է խորացնել քոյր քաղաքներու` Գիւմրիի ու Կապանի հետ համագործակցութիւնը:
Արմէն Սարգսեան, մասնաւորապէս, ներկայացուցած է Գիւմրիի հետ կապուած իր ծրագիրները` առաջարկելով Կլենտէյկին նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպել Գիւմրիի մէջ եւ Գիւմրիին նուիրուած ձեռնարկ` Կլենտէյլի մէջ:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է նախագահական նստավայրին մէջ ձեռնարկ կազմակերպել` նուիրուած Կլենտէյլի մշակութային ժառանգութեանն ու բազմազանութեան:
Արա Նաճարեան ընդունած է նախագահի առաջարկները` նշելով, որ իր հնարաւորութիւններով պիտի ձգտի նպաստել անոնց իրագործման: