Յեղափոխութենէն Ետք ԱՄՆ-էն ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալ Փափաքող Քաղաքացիներուն Թիւը Աւելցած է

Հայաստան, Սփիւռք

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք կտրուկ աւելցած է ԱՄՆ-էն` ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալ փափաքող քաղաքացիներուն թիւը: «Ամերիկայի ձայն»-ը կը տեղեկացնէ, թէ անկախութենէն ի վեր ՀՀ քաղաքացիութեան եւ երկքաղաքացիութեան ձեռքբերման վերաբերեալ կառավարութեան մօտեցումները փոփոխուած են: Հայաստանը ունի երկքաղաքացիութեան մասին օրէնք, որ ընդունուած է 2007-ին եւ լրամշակուած՝ 2017-ին, համաձայն որուն, ՀՀ քաղաքացիները իրաւունք ունին մէկէն աւելի քաղաքացիութիւն ունենալու:

«Մենք ունինք Սփիւռք, եւ մեր հայրենակիցներէն շատերը կ՝ուզեն ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն: Անոնք օրէնքով սահմանուած կարգով կ՝օգտուին այդ իրաւունքէն: Յեղափոխութենէն ետք մեր հայրենակիցներուն համար բոլորովին փոխուեցան ձգտումները, ընկալումները, Հայաստանին կը նային այլ աչքով, մեծ փափաք ունին Հայաստանի հետ կապուելու: Քաղաքացիութիւն կամ երկքաղաքացիութիւն ունենալը այդ ձեւերէն մէկն է»,- ըսած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան:

Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսարանը հաշուած եւ պարզած է, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալ փափաքողներուն թիւը կրկնապատկուած է:

ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանը ունի 3 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն: Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը կը տեւէ մինչեւ 6 ամիս: ՀՀ նախագահի հրամանագրով Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհելէ ետք՝ տուեալ անձը պէտք է երթայ Հայաստան անձնագիրը ստանալու համար: