Ճուտի Չու Լրացում Ներկայացուցած է Յօգուտ Արցախի Վերաբերեալ «Ռոյս-էնկել»-ի Առաջարկին

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճուտի Չու լրացում  ներկայացուցած է յօգուտ Արցախի վերաբերեալ «Ռոյս-էնկելի» առաջարկին:

NEWS.am-ի փոխանցմամբ, այս մասին  կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Հայ դատի յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է յօգուտ «Ռոյս-Էնկել»-ի առաջարկի լրացումը զօրքերու շփման գիծին վրայ դիպուկահարները հեռացնելու եւ ԵԱՀԿ դիտորդներու թիւը աւելցնելու մասին: Նշենք, որ նախաձեռնութեան համաձայն ` կ՛առաջարկուէր նաեւ սահմաններու երկայնքով տեղակայել յատուկ սարքեր` տեղարկուներ, որոնք կը յայտնաբերեն հրադադարը խախտողը:

«Ռոյս-Էնկել»-ի առաջարկները, որոնք առաջին անգամ առաջրկուած են Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին գործոց կոմիտէի նախկին նախագահ Էտ Ռոյսի եւ կոմիտէի ներկայ նախագահ Էլիոթ Էնկելի կողմէ 2015-ի աշնան, ստացած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներուպալատի աւելի քան 100 անդամի աջակցութիւնը:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի ներքին կարգի կանոններու կոմիտէն պիտի քննէ եւ կարծիք յայտնէ այն մասին, թէ արդեօք ճուտի Չուի լրացումը հաւանութեան կ՛արժանանայ: