Երեւանի Շենքերը Պիտի Օգտուին Արեւային Ուժանիւթէն

Հայաստան

Երեւանի քաղաքապետարանը Եւրոմիութեան աջակցութեամբ այս տարի պիտի սկսի 90 շէնքի տանիքներուն արեւային համակարգեր տեղադրելու ծրագիրը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ գրասենեակը, առաջին փուլի շէնքերը արդէն ընտրուած են. նախատեսուած 45-ի փոխարէն 50 շէնք:

«Արեւային համակարգէն ստացուելիք ուժանիւթը պիտի օգտագործուի վելակներու ելեկտարակութեան, նաեւ շէնքերու միջյարկային եւ բակային լուսաւորութիւնը ապահեվելու համար: Ծրագրին շնորհիւ, ի դէպ, պիտի տեղադրուին նոր, ուժանիւթը խնայող LED լուսատուներ», – կը նշէ Երեւանի քաղաքապետարանի զարգացման եւ ներդրումային ծրագիրներու վարչութեան պետ Տիգրան Սարգսեան:

Դաւթաշէնի 2-րդ թաղամասի հ. 10 շէնքը այն հասցէներէն է, ուր արդէն այս տարի բնակիչները ոչ միայն կը լսեն, այլեւ կը տեսնեն արեւէն ստացուող ուժանիւթի օգուտը:

 «Ծրագրի մասին գիտենք, անհամբեր կը սպասենք իրագործման,- կը նշեն բնակիչները:

Ծրագրին մէջ ընդգրկուած բոլոր շէնքերուն մէջ մէկ առ մէկ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ իրականացուած են` երկրաշարժի դէմ փորձէն մինչեւ բնակեցուածութեան ցուցանիշ, որ պէտք է 75-80 %-էն ցած չըլլար:

Չափորոշիչներու համաձայն ընտրուած շէնքերը հիմնականօրէն 9-14 յարկանի են, հարթ եւ արեւկող տանիքներով: Կարեւոր էր նաեւ ընկերային տարբեր խումբերու ընտանիքներու թիւը:

«Կը նախատեսուի նաեւ շէնքերու` անապահով ընտանիքներուն տրամադրել ելեկտարակնութիւնը խնայող LED լուսատուներ» ,-ըսած է Տիգրան Սարգսեան:

«Երեւան` արեւային համայքն» ծրագիրը քաղաքի համար ունի ինչպէս ուժանիւթի ապահովման, ընկերային, այնպէս նաեւ բնապահպանական նշանակութիւն: Նախագիծին շնորհիւ էապէս պիտի նուազին ջերմոցային կազերու արտանետումները:  (տարեկան շուրջ 850 թոն CO2):

«Ծրագիրը կարեւոր է յատկապէս ածխաթթու կազերու արտանետումներու կրճատման առումով: Երեւանը անդամ է «Քաղաքապետներու դաշնագիր»ին, որ կը պարտաւորեցնէ քաղաքին մէջ մինչեւ 2020 թուականը 20%-ով կրճատել ածխաթթու կազերու արտանետումները» ,- կը նշէ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան համագործակցութեան բաժնի միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու Անտրէա Բաճիոլին:

«ԵՄ-ն Երեւանի համար. Արեւային համայնք» ծրագրի համակարգող խորհուրդը արդէն քննարկած եւ հաստատած է ծրագրի բուն մեկնարկի հետ կապուած տեխնիկական հարցերը:

«Համակարգը բնակիչներուն պիտի ծառայէ առնուազն 25 տարի: Արդիւնքով քաղաքին մէջ պիտի ունենանք վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու կիրառութիւն»,-ըսած է Սարգսեան:

Ծրագրի ամավարկին մէջ ալ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, եւ խնայողութիւններու պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ ծրագրին մէջ ընդգրկել նոր շէնքեր:

«Շատ կարեւոր նախագիծ կ՛իրականացնենք, որ, յուսով եմ դառնայ մշակոյթ մեր քաղաքին մէջ, որ մեր հիմնական նպատակն է»,- ընդգծած է Երեւանի փոխքաղաքապետ Հայկ Սարգսեան:

Այժմ ծրագիրի իրականացման համար մրցութ յայտարարուած է: Նախատեսուած աշխատանքներուն համար մրցոյթներուն ծանօթանալ եւ մասնակցիլ կրնան շահագրգիռ բոլոր ընկերութիւնները: