
Թուրքիոյ Մէջ Գնաճ Պիտի Ըլլայ, Լիրան Պիտի Արժէքազրկուի. Կարօ Փայլան
Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ տնտեսական ծանր վիճակին:
Կարօ Փայլան Twitter–ի իր էջին մէջ գրած է. «Երբ իշխանութեան աղբիւրները կը վերջանան, կը սկսին փող տպել: Պարոն փեսան (Էրտողանի փեսան Պերաթ Ալպայրաք) Կեդրոնական դրամատունէն պահուստային 40 միլիառ լիրան պիտի ուղղէ պիւտճէին: Այս քայլով 40 միլիառ լիրա պիտի տպուի, որու հետեւանքով գնաճ պիտի ըլլայ, լիրան աւելի պիտի արժէզրկուի», կը յայտնէ News.am-ը: