
Արցախի Պետական Նախարարը Ընդունած է «Ծագումով Հայեր» Նախագիծի Խումբ Մը Մասնակիցներ
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Յունիս 28-ին ընդունեց «Ծագումով Հայեր» նախագիծի խումբ մը մասնակիցներ, որոնց մէջ էին աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգչուհի Ռոզի Արմէն, հոլիւուտեան դերասան Մարքօ Խան, Գանատայի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան եւ սփիւռքահայ անուանի այլ գործիչներ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի պետական նախարարի մամլոյ գրասենեակը:
Նախագիծը կը միաւորէ տարբեր բնագաւառներու հայորդիներ` արուեստագէտներ, բժիշկներ, հոգեւորականեր, գործարարներ ու ոչ միայն: Պետական նախարարը բարձր գնահատած է ջանքերը բոլոր անոնց, որոնք Արցախի զարգացման հայանպաստ եւ հայապահպան գործունէութեան մէջ ունեցած են մեծ ներդրում եւ աջակցութիւն:
Գրիգորի Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Ապրելով ու արարելով աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ` դուք հաւատարիմ կը մնաք հայկական ակունքներուն: Այդ հաւատարմութիւնն է՝ մեր կարողութիւնները կը բազմապատկէ Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Լիայոյս եմ, որ այսօրուան մեր հանդիպումը ու եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ Ձեր ունեցած աւանդի արժեւորումը խթան կը հանդիսանայ համահայկական ներուժը որակապէս նոր հարթութիւն տեղափոխելու հարցով»:
Պետական նախարարը պատուիրակութեան անդամներուն յուշամեդալներ ու շնորհակալագիրներ յանձնած է Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար:
Հիւրերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ջերմ ընդունելութեան եւ իրենց վաստակը արժանւոյնս գնահատելու համար` վստահեցնելով, որ Արցախը պիտի շարունակէ մնալ իրենց ուշադրութեան եւ հոգատարութեան ներքոյ:
Հանդիումին կը մասնակցէին մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղական Ֆելիքս Խաչատրեան: