Շառլ Ազնաւուրի Անուան Հրապարակի Բացում Շաւիլ Քաղաքին Մէջ

Հայաստան

Յունիս 21-ին Ֆրանսայի Շաւիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրի անուան հրապարակի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Շաւիլի քաղաքապետ Ժան-ժաք Գիեն, ինչպէս նաեւ Օ-տը-Սենի պատգամաւոր Ժաք Մեր: Հանդիսութեան Շաւիլի քաղաքային երգչախումբը կատարեց Շառլ Ազնաւուրի շարք մը ստեղծագործութիւններ: Հնչեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային օրհներգները: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Դեսպան Տոլմաջեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Շաւիլի քաղաքային իշխանութիւններուն` Մեծ Հայուն եւ Մեծ Ֆրանսացիին յիշատակը յաւերժացնելու համար կատարուած այս նախաձեռնութեան համար, որ նաեւ խորհրդանշական տուրք է հայ-ֆրանսական բարեկամութեան: Ան ընդգծեց այն անգնահատելի դերակատարութիւնը, որ իրեն հարիւր տոկոսով հայ եւ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի բնորոշող մեծ արուեստագէտը ունեցած է իր երկու ժողովուրդներն եւ երկու հայրենիքիները կամրջելու գործին մէջ:

Փարիզի մերձակայքին գտնուող Շաւիլ քաղաքը ունի շուրջ 20 հազար բնակիչ: Քաղաքին մէջ կը գործէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին: Մինչ այդ` Ապրիլ 23-ին, Փարիզի մերձակայ մէկ այլ` Կը Լիշի քաղաքին մէջ եւս բացուած էր Շառլ Ազնաւուրի անուան հրապարակ մը: