
ԱՄՆ Քոնկրեսականը Ներկայացուցած է օրինագիծ, Որ Կ՛արգիլէ Ատրպէյճանին Վաճառել Քաղաքացիական Օդանաւեր Խոցող Սպառազինութիւն
Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին գործերու կոմիտէի հնագոյն անդամ, քոնկրեսական Պրետ Շերման Յունիս 25-ին ներկայացուցած է լրացում, որով պիտի արգիլուի սպառազինութիւն վաճառել Ատրպէյճանին, որ կը վտանգէ քաղաքացիական օդանաւեր խոցելու երկրի հնարաւորութիւնները: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Աղբիւրին համաձայն` այս նախաձեռնութեան նպատակն է, որպէսզի Պաքուին թոյլ չտայ մշտական սպառնալիք ներկայացնել Ստեփանակերտի քաղաքացիական օդակայանին դէմ:
«Այս լրացումը ազդանշան է Ատրպէյճանին, որ ան չի կրնար այսուհետ եւս սպառնալ, թէ պիտի խոցէ քաղաքացիական օդանաւերը: Կարելի չէ թոյլ տալ, որպէսզի Ատրպէյճանը վախցնէ հարեւանները»,- ըսած է Շերման:
Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի խօսքով` Միացեալ Նահանգներ դէմ է քաղաքացիական ինքնաթիռներու ուղղուած որեւէ սպառնալիքի:
2011-ին Ատրպէյճանի Քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութեան տնօրէն Արիֆ Մամետով տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նախազգուշացուցած է Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (ICAO), որ թոյլ չէ տուած թռիչքներ կատարել դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, եւ նշած, որ օդագնացութեան մասին օրէնքին համաձայն` իրենք կրնան «ֆիզիկապէս ոչնչացնել այնտեղ ուղեւորուող ինքնաթիռները»:
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի ներքին կանոնակարգի կոմիտէն, ինչպէս կը սպասուի, Անկախութեան օրուընէ ետք մէկ շաբաթուան ընթացքին պիտի քննէ հարցը, թէ արդեօք լրացումը հաւանութեան կ’արժանանայ: