Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Նախագահին Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Յունիս 24-ին, Ժընեւ կատարած աշխատանքային այցելութեան  ծիրէն ներս,  տեղի ունեցաւ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահ Փեթըր Մաուրերի հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգային հարցերուն: Կողմերը արժեւորեցին Հայաստանի զանազան նախարարութիւններուն հետ ոլորտային համագործակցութիւնը, այդ կարգին` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման եւ դատաիրաւական համակարգին մէջ ընթացող բարեփոխումները:

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանը բարձր կը  գնահատէ ԿԽՄԿ-ի մարդասիրական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ  ծաւալած գործունէութիւնը եւ յայտնեց կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան շարունակականութիւնը ապահովելու պատրաստակամութիւնը:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ վերջին զարգացումներուն` նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատեց տագնապի գօտիին մէջ բնակող մարդոց իրաւունքներու ապահովումը, անոնց մարդասիրական իրաւունքի անշեղ իրագործումը: Յատկապէս նշուեցաւ  խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման կարեւորութիւնը խաղաղ հոլովոյթներու արդիւնաւէտ ծաւալման գործին մէջ: