Տիգրանակերտի Մէջ Վառեցաւ Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերուն Երրորդ Ջահը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Տիգրանակերտ պատմամշակութային արգելոցին մէջ, Յունիս 22-ին, վառեցաւ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն երրորդ ջահը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ջահի վառման արարողութիւնը կատարուած է պատմական սենարով: Տիգրան Մեծ թագաւորը՝ ըստ ներկայացման՝ իր զօրախումբով Տիգրանակերտի բարձունքէն իջեցուցած է ջահը:

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն երրորդ ջահի վառման պատիւը տրուած է  2016-ին տեղի ունեցած ապրիլեան պատերազմի մասնակից, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր, ՊԲ N զօրամասի աւագ քսանապետ Արթուր Աղասեանին:

Արթուր Աղասեանի հետ զրոյցին ընթացքին, ան ըսած է, որ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն երրորդ ջահի վառման  պատուին արժանանալը իրեն համար մեծ խորհուրդ ունի:

Արարողութեան ներկայ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան նշած է, որ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենան Արցախի մարզամշակութային կեանքին մէջ եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին:

«Մեզի համար շատ կարեւոր է Արցախի մէջ համախմբուած տեսնել աշխարհի տարբեր անկիւններէ հազարաւոր հայ երիտասարդներ: Ուրախալի է, որ արդէն սփիւռքահայ նոր սերունդը պէտք է ծանօթանայ Արցախին, շփուի եւ կապեր հաստատէ արցախցիի հետ: Անոնք այսուհետեւ միշտ պիտի կապուին իրենց հայրենիքին հետ եւ չեմ բացառեր, որ անոնցմէ շատերուն համար անիկա պիտի ըլլայ տունդարձի նոր ճանապարհի սկիզբ»,- մասնաւորապէս ըսած է ան:

Ըստ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի՝ բոլորի համար խորհրդանշական է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն երրորդ ջահի վառումը Տիգրանակերտի մէջ:

«Տիգրանակերտը մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնն ու պատմական յիշողութիւնն է եւ շատ ուրախալի է, որ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն որոշած է ջահը վառել այստեղ: Անիկա մեր դարաւոր ժառանգութիւններէն եւ տարածաշրջանի կարեւոր յուշարձաններէն մէկն է, եւ անոր հանրահռչակումը մեր բոլորի պարտքն է»,- աւելցուցած է նախարարը:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Համահայկական խաղերու գլխաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննիսեանը, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը եւ ուրիշներ: