Պոլսոյ Ընտրութիւններուն Ընդդիմութեան Թեկնածուն 806.415 Ձայնով Յաղթեց Իշխանութեան Թեկնածուին
Պարզ դարձաւ Յունիս 23-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետի ընտրութիւններուն վերջնական, սակայն ոչ պաշտօնական արդիւնքները:
Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հաղորդմամբ` ընդդիմադիր «Ազգ» (Millet) դաշինքը ներկայացնող քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն հաւաքելով քուէներուն 54.21 տոկոսը, յաղթեց իշխող ուժի թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմին, որ ստացաւ քուէներուն 44.99 տոկոսը:
Իմամօղլուն ստացաւ 4 միլիոն 741.868 ձայն, իսկ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան թեկնածու Եըլտըրըմ` 3 միլիոն 935.453, որ 806.415 քուէով քիչ է ընդիմադիր թակնածուին շահած ձայներէն:
Ընտրութիւններուն 10 միլիոն 570.354 ընտրողէն մասնակցած է 8 միլիոն 925.063-ը, այսինքն՝ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 84.5 տոկոսը:
Իսլամական ուղղուածութեան «Երջանկութիւն» (Saadet) կուսակցութեան թեկնածու Նեճտեթ Գեօքչընարը ստացած է 47.829 ձայն, իսկ սոցիալիստական-ազգայնամոլական «Հայրենիք» (Vatan) կուսակցութեան թեկնածու Մուստաֆա Իլքեր Եուճել 14.545 ձայն:
