Շնորհակալութիւն Իմամօղլուին Պոլսոյ Մէջ Բոլորին Ինքնութիւնը Կարեւոր Համարելու Համար․ Սելինա Տողան

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, ընդդիմադիր գործիչ, քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» անդամ Սելինա Տողան Twitter-ի մէջ անդրադարձած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն։

Ան մէջբերած է Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած ընդդիմութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուի յետընտրական առաջին ելոյթի խօսքերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած վերջինիս, կը փոխանցէ ermenihaber-ը:

Տողան գրած է. «էքրեմ Իմամօղլու կ՛ըսէ․ «Այս քաղաքին մէջ փոքրամասնութիւններ չկան: Այս քաղաքին մէջ մենք մեր գիրկը պիտի առնենք բոլորը` յոյները, հայերը, ասորիները, հրեաները․․․»։

«Շնորհակալութիւն Իմամօղլուին Պոլսոյ մէջ բազմակարծութիւնը եւ բոլորին ինքնութիւնը կարեւոր համարելու համար»:

Յիշեցնենք, որ Սելինա Տողանը պատգամաւոր ընտրուած է 2015-ին: Ան պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ կին գործիչներէն է: Ան այժմ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի աւագանիի անդամ է: