Փաշինեանը Նուիրատւութիւններու Նուազման Վտանգ Կը Տեսնէ՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի Գումարներու Հաւաքագրման Կառուցակազմը Չփոխելու Պարագային
«Մենք ամէն տարի կը խօսինք հաւաքագրումներու մասին: Ես կրնամ երաշխաւորել, որ այս համակարգով հաւաքագրումները անընդհատ պիտի նուազին: Մենք կրնանք վերցնել թիւեր, ուր համեմատաբար աւելի շատ հաւաքուած են գումարներ: Այդ հաւաքագրումներուն քարտէզը բանալու պարագային պիտի տեսնենք, որ ունինք դէպքեր, երբ գործարար մը նուիրաբերած է ընդհանուրի 50%-ը: Ասիկա, ի հարկէ, շատ լաւ է, եւ մենք շատ շնորհակալ պէտք է ըլլանք այդ մարդոց, բայց ահա այս կառուցուածքը այդ նուիրատուներն ալ կը մտահոգէ, որովհետեւ մարդիկ կ՝ըսեն` ինչու ես միայնակ կրնամ 7 միլիոն տալ, ամբողջ մնացեալ հայութիւնը եւս այդքան կամ աւելի քիչ: Այսինքն` մեր քաղաքականութիւնը այստեղ կ՝ապահովէ ոչ թէ անընդհատ ներգրաւուածութիւն, այլ աւելի ու աւելի քիչ շրջանակ կը ներգրաւէ այս թեմային մէջ, որ նոյնպէս կարեւոր խնդիր է»,- ըսաւ Փաշինեան:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի տարեկանժողովին կը մասնակցէին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:


