Համահայկական 7-րդ Խաղերուն Նուիրուած Խորհրդակցութիւն Արցախի Մէջ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Յունիս 17-ին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը՝ նուիրուած Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն:

Ան շեշտեց մարզական այս մեծ ձեռնարկին կարեւորութիւնը Արցախի մարզական եւ ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ, ընդգծելով բարձր մակարդակով 7-րդ ամառնային խաղերը հիւրընկալելու արցախցիներուն պատրաստակամութիւնը: Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ կազմակերպչական աշխատանքները պէտք է կատարուին համակարգուած ձեւով, հարցերը շատ արագ լուծում գտնեն եւ փոխգործակցութիւնը ըլլայ հիմնական։

Այս մասին զեկուցում ներկայացուց աշխատանքային խումբի ղեկավար, Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէի անդամ Վարդան Բալայեան: «Օգոստոսի 6-ին խաղերու բացման արարողութիւնը, իսկ 7-ին եւ 8-ին մարզական խաղերու իրականացումը Արցախ պիտի բերէ աւելի քան 4000 մարզիկ՝ շուրջ 190 երկրէ: Այս օրերուն աշխատանքներ կը տարուին մարզիկներու ու հիւրերու գիշերակացն ու ժամանցը ապահովելու համար: Առկայ հիւրատուները, զբօսաշրջային տուներն ու մասնաւոր հատուածի հետ բանակցութիւնները՝ կեցութեան վայրերը ժամանակակից պայմաններուն համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ, կը շարունակուին»,- ըսաւ Վ. Բալայեան:

Շինարարական լրացուցիչ աշխատանքներուն, երթեւեկի հարցերուն, մշակութային նախաձեռնութիւններուն վերաբերող պարզաբանումներով հանդէս եկան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարները:

Գրիգորի Մարտիրոսեան յանձնարարեց թեքնիք բոլոր հարցերուն շուտափոյթ լուծում գտնել, նաեւ ապահովութեան վերաբերող հարցերուն յատուկ ուշադրութիւն դարձնել։