Թուրքիոյ Առաջին Հայկական Հեռատեսիլի Ալիքը Արդէն Եթերի Վրայ է

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ արդէն եթեր կը հեռարձակուի հայերէն առաջին հեռատեսիլի ալիքը՝ «Լոյս TV»-ն։ Մինչ օրս «Լոյս TV»-ն փորձնական եթեր կ՝ելլէր միայն համացանցի միջոցով։ Առաջին համացանցային եթերը եղած էր 2019 Յունուար 6-ին՝ Սուրբ Ծննդեան պատարագի հեռարձակումով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով ntv.com.tr-ը։

Հեռուստաընկերութեան հիմնադիր Արամ Քուրանը պատմած է, որ «Լոյս TV»-ի հիմնադրման ուղղութեամբ աշխատանքները սկսած են երկու տարի առաջ։ Այդ ճանապարհին ստիպուած եղած են յաղթահարելու բազում դժուարութիւններ:

Հիմա «Լոյս TV»-ն ամէն Ուրբաթ երեկոյեան կը հրապարակէ շաբթուան կարեւոր լուրերու ամփոփ լրահոսը։ Կը նախատեսուի յառաջիկային հանդէս գալ ամենօրեայ լրատուական հաղորդումներով։ Պիտի ըլլան նաեւ մշակութային, երաժշտական, մանկական հաղորդումներ, ֆիլմեր ու շարժապատկերներ։

Արամ Քուրան նշած է, որ «TRT» հանրային հեռուստաընկերութիւնը իրենց տրամադրած է երկրին մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ փաստագրական ֆիլմերու արխիւը, իսկ լրատւութիւնը՝ մեծ մասամբ՝ կը վերցնեն պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութենէն եւ կը թարգմանեն արեւմտահայերէն։

«Երբ սկսանք եթեր հեռարձակուիլ, ստացուած արձագանգները ցոյց տուին, որ անհաւանական թիւով հեռուստադիտող ունինք։ Յատկապէս արտերկրէն մեր եթերին հետեւողները շատ կ՝ոգեւորուին»,- նշած է «Լոյս TV»-ի հիմնադիրը՝ աւելցնելով, որ ընդհանուր առմամբ հեռուստաալիքի եթերի շուրջ 70 տոկոսը հայերէն պիտի ըլլայ, իսկ 30 տոկոսը՝ թրքերէն։