Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 29 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Հնագիտական Թանգարան»ի շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 101-րդ տարեդարձին նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ, ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւին, շրջանէն ներս գործող ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Համազգային»ի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհի՝ ընկ. Անահիտ Գարաօղլանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց օրուան ձեռնարկին կարեւորութեան մասին։ Խօսք առաւ Թեսաղոնիկէի երաժշտական դպրոցներու միութիւններու ատենապետ՝ Եորղոս Գոստանդինիտիս, որ շնորհաւորեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 101-րդ տարեդարձը եւ մաղթեց, որ Թեսաղոնիկահայութիւնը շարունակէ միշտ այսպիսի մշակութային ձեռնարկներով ճոխացնէ համայնքային կեանքն ու առաւել ապագայատեսիլ հեռանկարներով իր մասնակցութիւնը բերէ։
Օրուան խօսքը փոխանցեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, ուր երեք կէտերու մատնանշումներով յատկապէս նշեց, որ «28 Մայիս 1918-ն մեր ժողովուրդի պատմութեան համար եղած է ու կը մնայ սրբազան արժէք եւ այդ սրբազան արժէքին հզօրութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութիւնը պահելն է, յանուն հաւատքի, յանուն ազատութեան եւ յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հայրենակերտումի տեսլականով…»։
Ապա, տեղի ունեցաւ պատշաճ գեղարուեստական ձեռնարկ, մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած «Արարատ» պարախումբին, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբին, որոնք հայկական պարերով ու ազգային երգերով ճոխացուցին օրուան ձեռնարկը։
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» երգով։
Գեղարուեստական ձեռնարկէն անմիջապէս ետք, Հայաստանէն ժամանած «Արարատ» պարախումբն ու «Համազգային»ի «Մասիս» պարախումբը, եկեղեցւոյս կից գտնուող «Հայաստան» սրահէն ներս հիւրասիրուեցան պատշաճ ընթրիքով մը։
Յայտնենք նաեւ, որ Կիրակի՝ 26 Մայիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, ինչպէս նաեւ աւարտին, նախագահութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, ուրարակիրներուն, դպիրներուն, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս գործող ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն հայ ազգի քաջամարտիկ զաւակներու հոգիի խաղաղութեան համար, որոնք 1918 թուականին, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ-Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներու ընթացքին իրենց կեանքը զոհեցին յանուն հայ ազգի ազատութեան համար։
