Կիրօ Մանոյեան՝ Արցախի Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրներու Չեղարկման Մասին
Ֆրանսական դատարանները մէկը միւսին ետեւէն կ՛արձակեն վճիռներ՝ չեղարկելով Ֆրանսայի զանազան քաղաքներու եւ Արցախի բնակավայրերու միջեւ կնքուած բարեկամութեան մասին յուշագիրները:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յիշեցուց, որ այս գործընթացին սկիզբը դրուած է տարիներ առաջ, երբ Ատրպէյճան դատական գործ սկսած էր Ֆրանսայի մէջ, եւ դատարանը բաւարարած էր այդ հայցը, իսկ հիմա 3-4 համայնքի վերաբերեալ Ֆրանսայի իշխանութիւններն են, որոնք դատական գործեր կը յարուցեն, իսկ դատարանները, իրենց կարգին, համապատասխան որոշումներ կու տան:
«Ասոնք առաջին ատեանի դատարանի որոշումներ են, եւ գոնէ քաղաքապետներէն մէկը ըսած է, որ ինքը պիտի բողոքարկէ աւելի բարձր ատեաններու մէջ»,- ըսաւ Մանոյեան:
Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին վրայ կ՛ազդե՞ն այս չեղարկումները. Մանոյեան այս հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով, որ Ֆրանսա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր՝ «Իբրեւ միջնորդ, չէզոքութեան խախտում է, քանի որ գործընթացը սկսած էր Ատրպէյճանի կողմէ, ուստի եթէ այդքան ճիշդ բան էր, թող Ֆրանսայի իշխանութիւնները իրենք ըրած ըլլային ի սկզբանէ, ըստ այդմ՝ ասիկա կը բաւարարէ հակամարտութեան կողմերէն մէկուն՝ Ատրպէյճանի տրամադրութիւնները, եւ կը խոչընդոտէ հակամարտութեան այլ կողմի մը՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման: Ի վերջոյ, Արցախի մէջ ալ տեղական ինքնակառավարման մարմինները ժողովուրդին կողմէ ընտրուած մարմիններ են, եւ իրենք կը փափաքին յարաբերութիւններ մշակել, որ կը խոչընդոտուի»:
Մանոյեան, սակայն, չի կարծեր, որ Արցախի մեկուսացման առումով այս գործընթացը Ֆրանսայէն դուրս ազդեցութիւն կ՛ունենայ առայժմ: «Այնպէս չէ, որ եւրոպական շատ պետութիւններու տեղական ինքնակառավարման մարմինները նման կեցուածք որդեգրած են, այսինքն՝ համագործակցութեան կամ նման պայմանագրեր ստորագրած են Արցախի հետ համապատասխան կառոյցներու հետ, ատոր համար ալ հակառակ գործընթաց չի սկսիր: Բայց, ամէն պարագայի, պէտք է հակազդել, այսինքն՝ Ֆրանսայի այս կեցուածքին: Եւ այստեղ հակամարտութեան այսպէս ըսած՝ երրորդ կողմը, մասնակիցը՝ ՀՀ-ն ընելիք ունի, եւ եթէ չի փափաքիր ընել, ատիկա խնդիր է: Այս ամբողջ գործընթացը սկսաւ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ եւ անհասկնալի է ՀՀ-ի անտարբեր կեցուածքը՝ ինչ-ինչ բացատրութիւններով, թէ Արցախը անկախ պետութիւն է: Այո, անկախ պետութիւն է, բայց ՀՀ-ը յանձն առած է Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի դերը: Հիմա եթէ Ֆրանսայի մէջ ԱՀ-ն ունի ներկայացուցիչ, բայց ոչ դիւանագիտական, կը նշանակէ, որ ՀՀ-ի այդտեղի դիւանագիտական կառոյցը պէտք է երաշխաւորէ, որ հնարաւորինս մատչելի ըլլան ֆրանսական պետական այն կառոյցները, որոնք այս քայլերուն դիմած են: Կը կրկնեմ՝ ասիկա Ֆրանսայի կողմէ չէզոքութեան խախտում է, իսկ ՀՀ-ի կողմէ անհասկնալի է այս կեցուածքը, ընդհակառակը՝ ոչ միայն պէտք էր հակազդեցութիւն ցոյց տալ, այլ աջակցի, որ այլ պետութիւններու մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ նման յարաբերութիւններ հաստատեն Արցախի հետ, քանի որ դուք ճիշդ նկատեցիք՝ ասիկա միտուած է Արցախի մեկուսացման, ուստի ՀՀ-ն պէտք է ընէ ամէն ինչ, որ Արցախը այդ մեկուսացուած վիճակին մէջ չի յայտնուի»,- ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Մանոյեան նշեց, որ Հայ Դատի համապատասխան կառոյցը վերջին զարգացումներուն չէ արձագանգած, բայց տարեսկզբին ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, որուն ներկայ էր Ֆրանսայի նախագահը, համակարգող խորհուրդի փոխնախագահ եւ դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան այս հարցը արծարծեց, եւ Էմանուէլ Մաքրոն բացատրեց, որ, բնականաբար, արդարացում չէ:
«Ասնկա յօգուտ հակամարտութեան մէկ կողմի աշխատանք է՝ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահող երկրի կողմէն, եւ անհրաժեշտ է, որ այդ կեցուածքը փոխուի: Հիմա կը տեսնենք՝ եթէ այդ համայնքները բողոքարկեն աւելի բարձր ատեաններուն, Ֆրանսայի կառոյցները, ներառեալ՝ Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛աջակցին»,- ըսաւ Մանոյեան:
