Արցախի Մէջ Մեկնարկած են Հրամանատարական Զօրավարժութիւններ. Կը Մասնակցի Աւելի Քան 10.000 Զինուոր

Հայաստան

Համաձայն Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 2019-ի պատրաստութեան ծրագրի, Յունիս 17-ին` Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու եւ զօրատեսակներու ներգրաւմամբ մեկնարկած են հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններ:

Ինչպէս կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, համաբանակային կարեւորութեան զօրավարժութիւնը, որուն ընդգրկուած են շուրջ 10.000 զինուոր, 200-է աւելի հրետանային համակարգեր, մօտ 150 զրահամեքենայ, 50-է աւելի Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, աւելի քան 400 մեքենեայ եւ այլ շարժակազմեր, պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիս 20:

Հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններու ընթացքին հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ գիշերային պայմաններու մէջ զօրքերու գործնական խնդիրներու կատարման վրայ, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի մշակել մարտավարութեան նոր դրուագներ:

Զօրախաղերու ընթացքին պիտի փորձուին բարձր արհեստագիտութեամբ համալրուած հետախուզական եւ կառավարման համակարգեր, զինատեսակներու նոր նմուշներ: