Արցախը Բանակցային Սեղան Վերադարձնելը Բարդ, Բայց Սկզբունքային Հարց է. Զօհրապ Մնացականեան
«Մենք մշտապէս կ՝աշխատինք Արցախի իշխանութիւններուն հետ: Իւրաքանչիւր բանակցութենէ առաջ կամ ետք՝ մենք մշտապէս կ՝աշխատինք Արցախի ղեկավարութեան հետ: Ես անձամբ շատ սերտ համագործակցութեան մէջ եմ իմ գործընկերոջ՝ Մասիս Մայիլեանի հետ, նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, նոյնը կը վերաբերի նաեւ վարչապետ Փաշինեանին: Միասին սերտօրէն աշխատելու յստակ ձեւաչափ ունինք, որ կ՝արտայայտէ այն քաղաքական գիծը, որ նշուած է մեր կառավարութեան կողմէ եւ կը վերաբերի Արցախի մասնակցութեան բանակցային գործընթացին: Արցախի մասնակցութեան հարցը բարդ, բայց սկզբունքային, կարեւոր է: Հարցը կը վերաբերի Արցախին, եւ առանց Արցախի որոշիչ ձայնին մենք արդիւնաւէտ առաջընթաց չենք ունենար: Մեր համագործակցութիւնը Արցախի իշխանութիւններուն հետ եղած է եւ կը մնայ շատ սկզբունքային եւ արդիւնաւէտ»,- լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ինչպիսի՞ տրամադրուածութիւն ունին Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու հարցին շուրջ, արդեօք յառաջիկային այդ մէկը հնարաւոր է՝ նախարարը ըսաւ, որ համանախագահները կ՛ընդունին այն, ինչը ընդունելի կ՛ըլլայ կողմերուն համար: Այդ առումով համանախագահներուն հետ բանավէճ չունինք, բանավէճը այս հարցով Ատրպէյճանի հետ է՝ աւելցնելով. «Մենք ունինք մեր հարցերը, մեր մօտեցումները: Արցախը ունի իր դիրքորոշումները, իր մօտեցումները, որոնք յստակ կ՝արտայայտուին Մասիս Մայիլեանի, Բակօ Սահակեանի կողմէ: Այդ ամէնը մենք կը քննարկենք, կը տեսնենք, թէ ինչը հնարաւոր է, ինչը՝ ոչ: Բանակցային ձեւաչափ է նաեւ աշխատանքը Արցախի մեր գործընկերներու հետ»:
