
Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Կիպրոսի հայոց առաջնորդարանին մէջ, Յունիս 3ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ՝ Խորէն արք. Տողրամաճեանին, կիպրահայ պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեանի եւ կիպրահայ կառոյցներու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ: Ողջունելով նախարար Մնացականեանը՝ Խորէն Արք. Տողրամաճեան կարեւոր նկատեց նման ձեւաչափով հանդիպումներու կատարումը, որ լաւ հնարաւորութիւն է բաց զրոյց ծաւալելու, ինչպէս Հայաստանին առնչուող զարգացումներուն, այնպէս ալ՝ Սփիւռքին յուզող հարցերուն շուրջ։
Իր խօսքին մէջ նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց կիպրահայ համայնքին մէջ գործող կրթական և հոգեւոր կառոյցներու ունեցած անգնահատելի դերը ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայ-կիպրական դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման գործով եւ յոյս յայտնեց, որ համայնքի ներուժի լիարժէք օգտագործումը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ առաւել խորացնելու եւ հարստացնելու Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ քաղաքական օրակարգը:
«Կիպրոսի հետ յարաբերութիւններուն մէջ շատ աւելի խորքային իմաստ կայ. սա բարեկամութիւն է քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող ժողովուրդներու, որոնք շատ լաւ յիշողութիւն, պատմութեան շատ խոր զգացում ունին, եւ այդ քաղաքակրթական հիմքերու վրայ կառուցուած բարեկամութիւն է», -նշեց ան՝ առանձնայատուկ ընդգծելով Կիպրոսի հայ համայնքի դերակատարութիւնը: «Մեր պարագային Սփիւռքը ո՛չ թէ խումբ է մարդկանց, որոնք տարին մէկ անգամ կը հաւաքին սուրճ խմելու, այլ սա օրինական հիմքեր պարունակող մարմին է: Հարցն այն չէ, թէ որքան կը կազմէ Կիպրոսի հայ համայնքի թուաքանակը, հարցը այն է, որ դուք ներկայացուած էք օրինական կառուցուածքային խոր հիմքերով, որոնք ուղղուած են պահպանելու այն, ինչ որ մեզի համար շատ կարեւոր է՝ մեր ազգային ինքնութիւնն է»,- ըսաւ ան:
Ներկայացնելով իր այցի նպատակները եւ Յունիս 4-ին կայանալիք եռակողմ ձեւաչափով առաջին հանդիպման օրակարգը եւ այդ ձեւաչափով համագործակցութեան հեռանկարները՝ նախարար Մնացականեան ընդգծեց. «Իմ այցին նպատակն է հիմք դնել նոր՝ Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան, որ բաւական խոստումնալից է եւ բաւական ներուժ ունի», նշեց նախարարը: Հանդիպման աւարտին ան պատասխանեց Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու բազմաթիւ հարցերուն: