Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի Նախարարներու Հանդիպում՝ Կիպրոսի մէջ

Հայաստան

Ե­րեք­շաբ­թի՝ ­Յու­նի­ս 4-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու՝ ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի, Եոր­ղոս ­Քաթ­րու­կա­լո­սի եւ ­Նի­քոս Խ­րիս­թո­տու­լի­տի­սի մի­ջեւ ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը՝ ­Նի­կո­սիոյ մէջ, կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Հան­դի­պու­մը կը մի­տէր ամ­րապն­դե­լու ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս՝ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մար, տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։

Շր­ջա­նա­յին հար­ցե­րու քննար­կու­մը կազ­մեց հան­դիպ­ման գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը, ո­րուն վրայ ման­րա­մաս­նօ­րէն քննո­ւե­ցան ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի զար­գա­ցում­նե­րը, ­Թուր­քիոյ ա­պօ­րէն քայ­լե­րը եւ սպառ­նա­լիք­նե­րը՝ կիպ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի ա­զատ գօ­տիին նկատ­մամբ, ­Կով­կա­սի եւ ա­րեւմտեան ­Պալ­քան­նե­րու կա­ցու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նի կա­պե­րը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ, ինչ­պէս նաեւ ու­ժա­նիւ­թի եւ սփիւռք­նե­րու կարգ մը հար­ցեր։

Նա­խա­րա­րա­կան մա­կար­դա­կի վրայ այս ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մին որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն, կող­մե­րը պի­տի ճշդեն ի­րենց յե­տա­գայ քայ­լե­րը, ե­ռա­կողմ գոր­ծակ­ցու­թեան բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս։

Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Հա­յաաս­տա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։