
Խստօրէն Կը Դատապարտեմ Բռնութեան Իւրաքանչիւր Դրսեւորում. Նիկոլ Փաշինեան
Խորհրդարանին մէջ մեկնարկած 2018-ի պետական պիւտճէի կատարողականի քննարկման ժամանակ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ բռնութեան քարոզէն: Նշեց, որ բոլորի համար ալ մեծագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը բռնութենէ զերծ հանրութիւն ունենալն է, ապա աւելցուց, որ Հայաստանը բռնութենէ զերծ երկիր է: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
«Օրինականօրէն պէտք է ձեւաւորենք բռնութենէ զերծ հանրութեան տեսլականը, եւ բռնութեան այն քարոզը, որ տեղ ունի ՀՀ-ի մէջ, ատիկա իմ գնահատականով, լուսանցքային, յետցնցումային երեւոյթ է: Որեւէ կասկած չկայ, որ բռնութիւն քարոզող եւ բռնութիւն գործադրող ուժերն ու անձերը, անկախ հանգամանքէ՝ իշխանութեան, թէ` ընդդիմութեան համակիրներն են, դուրս պիտի մղուին հանրային եւ քաղաքական կեանքէ: Ի հարկէ, եթէ դուրսմղման ընթացքը տեղի պիտի ունենայ հանրային քայլերու իբրեւ արդիւնք, ատիկա այլ պատմութիւն է, իսկ եթէ պէտք է իրաւապահ մարմինները արձագանգեն անոր, ատիկա բոլորովին այլ գործընթաց է»,- ըսաւ վարչապետը:
Փաշինեան ընդգծեց, որ, իբրեւ ՀՀ վարչապետ, խստօրէն կը դատապարտէ բռնութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում: «Բռնութեան որեւէ դէպք, որեւէ դրսեւորում, որեւէ քարոզ, ատելութեան որեւէ դրսեւորում ՀՀ-ի մէջ տեղ չունի եւ պէտք չէ ունենայ: Կը կարծեմ՝ այս առումով ՀՀ-ի մէջ կայ հանրային համաձայնութիւն, ու ատիկա պէտք է արտայայտուի պետական հիմնարկներու գործունէութեան մէջ»,- եզրափակեց ան: