ՀԲԸՄ Արցախի Մէջ Կեդրոն Կը Հիմնէ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատուիրակութիւն մը՝ միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:

Պատուիրակութիւնը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուց իր ծրագիրը եւ Արցախի մէջ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի հիմննելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները: