
Զօրակցի՛նք Հայաստանի Ոտնագնդակի Հաւաքականին
Յունիս 11-ի գիշերուան ժամը 9:45-ին, Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ, «Euro 2020» եւրոպական մրցաշարքի ծիրէն ներս, Հայաստանի ոտնագնդակի հաւաքականը կարեւոր մրցում մը պիտի ունենայ Յունաստանի հաւաքականին հետ։
Բացառիկ այս հանդիպումը հպարտութիւն կը պատճառէ յունահայութեան, որովհետեւ երկար տարիներէ յետոյ, առիթը պիտի ունենանք անգամ մը եւս վայելելու հայ մարզիկներու ներկայութիւնը եւ խաղարկութիւնը Յունաստանի մէջ։
Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութիւնը կոչ կ՚ուղղէ մարզասէր մեր հայրենակիցներուն, Միութեան անդամներուն եւ ժողովուրդին, ներկայ ըլլալու մարզադաշտէն ներս եւ զօրակցելու Հայաստանի խումբին։ Կարեւոր է գտնուիլ մեր մարզիկներու կողքին ու քաջալերել անոնց ջանքերը՝ յաղթանակ ապահովելու համար։
Մրցումի տոմսերուն ապահովումը պիտի ըլլայ հետեւեալ ձեւերով.-
Համացանցի ճամբով՝ «pame-ethniki.gr» կայքէջէն։
Երեքշաբթի՝ 4 Յունիսէն մինչեւ Ուրբաթ՝ 7 Յունիս, ինչպէս նաեւ Կիրակի՝ 9 Յունիսին եւ Երկուշաբթի՝ 10 Յունիսին տոմսերը պիտի տրամադրուին ելեկտրական գնացքի «Իրինի»
կայանի կրպակէն՝ առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։
Երեքշաբթի՝ 11 Յունիսին, տոմսերը տրամադրելի պիտի ըլլան նոյն կայանի կրպակէն, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ մրցումի սկիզբը եւ ողիմպիական մարզադաշտի 12-րդ մուտքէն, երեկոյեան ժամը 3-էն մինչեւ մրցումի սկիզբը։
Տոմսերու գիներն են՝ 10, 15 եւ 20 եւրօ։ Փոքրերու եւ պատանիներու համար, մինչեւ 17 տարեկան, պիտի տրուի 50% զեղչ։ Փոքրերու տոմսերը կարելի է գնել միայն վերեւ նշուած կրպակէն կամ մարզադաշտի 12-րդ մուտքէն։
Տոմսերու ապահովման համար, նկատի պէտք է ունենալ, թէ Հայաստանի ոտնագնդակի ֆետերասիոնը յայտարարած է, որ հայկական հաւաքականի մարզասէրներուն համար մասնաւորապէս տրամադրուած են
Աթէնքի ողիմպիական մարզադաշտի 19-րդ եւ 21-րդ բաժինները։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութիւն
Յունաստան