Արցախին Նուիրուած Ձեռնարկ՝ Գերմանիոյ ՄԷջ
20 Մայիսին, Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ երկրամասի Լանտթակի պատգամաւոր Փեթեր Ֆիտա (Peter Vida), որ նոյն ժամանակ Պարնիմ մարզի ներգաղթեալներու հարցերու խորհուրդի նախագահն է, նախաձեռնած էր իր ընտրատարածքին՝ Պերնաու քաղաքին մէջ, Արցախին նուիրուած ձեռնարկ մը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ընթացքին Փեթեր Ֆիտա հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ՝ անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան: Պատգամաւորը ներկայացուց իր կատարած ճամբորդութենէն լուսանկարներ, Արցախի զբօսաշրջութեան լայն հնարաւորութիւնները, հարուստ բնութիւնը եւ պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Այնուհետեւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն ներկայիս փուլին մասին խօսեցաւ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, որ պատասխանեց նաեւ ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Պրանտենպուրկ երկրամասի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
