Ատրպէյճան-Թուրքիա Ռազմափորձեր՝ Նախիջեւանի Մէջ

Աշխարհ

7-11 Յունիս, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերը Նախիջեւանի մէջ պիտի իրականացնեն՝ «Անդրդուելի եղբայրութիւն. 2019» նշանաբանով ռազմափորձեր:

Ըստ «Ռազմ.ինֆօ»-ի՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ իբրեւ պատրաստութիւն այս ռազմափորձերուն՝ արդէն իսկ տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն դրօշակներու փոխանակման արարողութիւնը: Հրապարակուած լուսանկարներէն յայտնի է, որ նշեալ արարողութիւնը կատարուած է Նախիջեւան-Թուրքիա սահմանին վրայ:

Յիշեցնենք, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւններ կատարուեցան նաեւ Կարսի մէջ։